2013-12-04 11:00:30

4 դեկտեմբեր` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Հաւատամքի մասին խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց ''Հաւատամք ի Յարութիւն մեռելոց - Քրիստոսի Յարութիւնն ու մեր յարութիւնը'' նիւթին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - հեշտ չէ հասկնալ ապագայի յարութեան իրողութիւնը, սակայն Աւետարանը մեզ կը լուսաւորէ.` մեր յարութիւնը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի Յարութեան։ Այն փաստը որ Ան յարութիւն առաւ, ապացոյց է, որ մեռելներու յարութիւնը գոյութիւն ունի։
Նորին Սրբութիւնը ապա ներկայացուց երեք տեսակէտներ հայող Քրիստոսի ու մեր յարութեան միջեւ գոյացած յարաբերութեան։
Սուրբ Գիրքը -ըսաւ Ան - ճանապարհ մըն է դէպի լիարժէք հաւատք` մեռելներու յարութեան։ Մեզի կը յայտնէ, թէ մեր Յարութիւնը կապուած է Քրիստոսի Յարութեան։ Ան է որ դատաստանին օրը, յարութիւն պիտի տայ անոնց որ իրեն հաւատացին։ Աւետարանին մէջ Յիսուս կը յայտնէ ''Ես եմ Յարութիւն եւ Կեանք'' (Յովհ 11,25) - ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հարց տուաւ ''Ի՞նչ կը նշանակէ Յարութիւն առնել'', ու պատասխանեց ''մահով մեր մարմինը կ'ապականի մինչ մեր հոգին կ՛երթայ հանդիպելու Յիսուսին, սպասելով որ դարձեալ միանայ մարմնին, վերջին դատաստանին օրը, Աստուծոյ զօրութեամբ։ Այս կեանքին մէջ` սուրբ հաղորդութեան խորհուրդով, մենք կը սնանինք Յիսուսի մարմնով եւ արեամբ եւ Անոր նման, Անոր միջոցաւ եւ Իր հետ յարութիւն պիտի առնենք, մեր կերպարանափոխուած մարմնով - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ ''միայն հաւատքն է որ մեզի մատչելի կը դարձնէ այս համոզումը։ Հետեւաբար - եզրափակեց Ան - սպասելով վերջին դատաստանին օրը, մենք ունինք Յարութեան սերմը մեր մէջ, որպէս ժառանգութիւն ամբողջական յարութեան։ Ասոր համար է որ մեզմէ ամէն մէկուն մարմինը, յաւերժականութեան արձագանգ մըն է, ուստի պէտք է յարգուի, ու յատկապէս պէտք է յարգուի եւ սիրուի կեանքն` բոլոր անոնց որ տառապանքի մէջ են որպէսզի կարենան զգալ Աստուծոյ Արքայութեան մօտիկութիւնը, յաւիտենական կեանքի այն իրողութինը դէպի ուր կ՛ընթանանք։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած զանազան վայրերէ ժամանած ուխտաւորները, ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդնեուն ու նորապսակեալներուն ըսելով` ''Սիրելի երիտասարդներ քաջութիւն ունեցէք ձեր հաւատքը վկայելու. սիրելի հիւանդներ ձեր առօրեայ խաչը նուիրեցէք Աւետարանէն հեռու ապրողներու ապաշխարութեան համար եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ եղէք Քրիստոսի սիրոյ աւետաւորները, ձեր ընտանեկան կեանքէն սկսելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.